2017-05-20 07:35:00

Սրբուհի Ռիթա` անյոյս դատերու փաստաբանուհին. Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Անկարելի բաներու սրբուհին՝ այսպէս կը կոչուի Սրբուհի Ռիթան որուն ծիսական տօնը կը նշուի 22 մայիսին։

Ան ծնած էր 1381-ին Ումպրիոյ Ռոքքափորէնա գիւղը, բարեպաշտ ու խոնարհ ծնողներէ։ 
Անոր կեանքը յատկանշուեցաւ ողբերգութիւններով, հակառակ որ իր փափաքն էր վանք մտնել ու ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ նուիրել, իր ծնողներուն կամքին հնազանդելով ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երկու զաւակ։

Երբ Ռիթային ամուսինը կը սպաննուի, անոր զաւակները կը մտադրեն իրենց վրէժը լուծել։ Սրբուհի Ռիթան որ անխոնջ հաւատացեալ էր եւ ներած էր իր ամուսնոյն մարդասպանները, աղօթեց նախընտրելով իրեն զաւակներուն մահը քան թէ ականատես ըլլար անոնց բռնարար արարքներուն, որոնք իրենց հոգւոյն փրկութիւնը կրնային վտանգել։ Քիչ ժամանակ ետք անոնք կը հիւանդանան ու կը մեռնին։ 
Երբ այրի ու որդեկորոյս դիմեց Օգոստինեան Քոյրերու վանքը զինք չընդունեցան։ Աղօթքի ուժով, Սուրբերու եւ նոյնինքն Սուրբ Օգոստինոսի միջնորդութեամբ է որ անոր առջեւ բացուեցան Օգոստինեան Վանքի դռները 1413 թուականին, ուր ապրեցաւ մինչեւ մահ` 1457ի Մայիս 22ին։ Երբ իր աչքերը փակեց..... պատահեցաւ զարմանալին..... Վանքի Զանգակները ինքնաբերաբար ղօղանջեցին, առանց մարդու միջնորդութեան։ Իր ճակտի վրայ կրած վէրքը (Յիսուսի Փշեպսակէն խոցուած էր մինչ կ՝աղօթէր) փոխան գարշահոտութեան, անոյշ բոյր մը տարածեց ամէն կողմ։

Ներկայիս ուխտաւորները որոնք կ՝այցելեն Քաշա գիւղը, կրնան տեսնել անոր մարմինը անապական ու անփուտ։ Մինչեւ այսօր ան կը հանգչի ապակիէ դագաղի մը մէջ, կարծես թէ կը ննջէ։ Ան կը կոչուի նաեւ Անհաւատներու Սրբուհին։ Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհին Սրբադասուեցաւ 1900ի՝ Մայիս 24ին։

Սրբուհի Ռիթայի տօնին նախօրեակին, Կիրակի 21 Մայիս 2017-ին, Լիբանանի Մխիթարեան հայրերու կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրը որուն առթիւ, յետմիջօրէի 5-ին, Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ հայածէս սուրբ պատարագ կը մատուցի, որուն կը յաջորդէ  աւանդական նշխարահամբոյրը եւ վարդերու օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.